2014-06-28 08:54:30

Սպիտակ Տունը Քոնկրեսէն 1 միլիառ տոլար խնդրած է` Եւրոպայի անվտանգութեան համար։


«Կազեթա»` յղում կատարելով «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ Սպիտակ տունը Քոնկրեսէն մէկ միլիառ տոլար խնդրած է` ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ իրենց դաշնակից պետութիւններու անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար:
Օպամա ըսած է, որ Եւրոպայի կեդրոնական ու արեւելեան հատուածներուն մէջ գտնուող իրենց դաշնակիցներու անվտանգութիւնը Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան գրաւականն է:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Սպիտակ տան այս քայլը դրական կերպով ընդունուած է Արեւելեան Եւրոպայի պետութիւններու ղեկավարներուն կողմէ:
Օպամա նախապէս Քոնկրեսէն խնդրած էր 500 միլիոն տոլար յատկացնել սուրիացի ընդդիմադիրներուն, որոնք կը փորձեն իշխանութենէն հեռացնել գործող նախագահ Պաշշար Ասատը:








All the contents on this site are copyrighted ©.